Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Երեւան, մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին նիստերուն: Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2015-ի առաւօտուն Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները ներկայ գտնուեցան Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի բացման հանդիսութեան:
Ապա, կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի 5-րդ նիստի աշխատանքները սկսան: