ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ

Բոլորիս ծանօթ է այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը (Ղուկաս 18.1-8): Երեք հարցումներ.-

 

— Որո՞նց համար Յիսուս պատմեց առակը:
— Ի՞նչ յայտնելու համար պատմեց, եւ
— Ի՞նչ ցոյց տալու համար պատմեց:

 

Պատասխանենք հարցումներուն առանձնաբար.

 

1) Որո՞նց համար Յիսուս պատմեց այս առակը:

 

Ղուկաս Աւետարանիչ կը հաստատէ, թէ Յիսուս այս առակը «պատմեց իր աշակերտներուն»: «Աշակերտ» կը նշանակէ` հետեւորդ: Այս իմաստով, առակը ուղղուած է Քրիստոսի բոլոր հետեւորդներուն: Եթէ մենք զմեզ Քրիստոսի հետեւորդ կը նկատենք` այս առակը մեզի ըսելիք ունի: Առակը մեզի կ’ըսէ, թէ Աստուած ինքն է մեր ու մեր դատին պաշտպանը, մեր իրաւունքին պաշտպանը: Առակը մեզի կ’ըսէ, որ եթէ անիրաւ դատաւորը անիրաւ ըլլալով հանդերձ տուաւ իրաւունքը այրի կնոջ, որքա՜ն աւելի Աստուած ինք պիտի տայ մեր իրաւունքը` երբ յայտնուի իր Որդին:

 

Առակը մեզի կ’ըսէ, որ Աստուծոյ համբերութիւնը «իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան» համար յաւիտենական չէ: Առակը մեզի կ’ըսէ, որ եթէ երբեք մեր դատը յանձնենք Աստուծոյ ձեռքերուն` զանիկա անպայման պիտի շահինք, որովհետեւ Աստուած արդար է:

 

2) Ի՞նչ յայտնելու համար պատմեց առակը:

 

ա) Յայտնելու համար թէ իր հետեւորդները այս աշխարհին մէջ յաճախ պիտի անիրաւուին ու իրաւազրկուին եւ անպաշտպան մնան, ինչ որ կը պարզէ այրի կնոջ կողմէ դատաւորին ուղղուած հետեւեալ խօսքը. «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս» (Ղուկաս 18.3): «Իրաւունքս պաշտպանէ» բառերով, Յիսուս կ’ուզէ իր հետեւորդներուն ցոյց տալ, թէ աշխարհի մարդիկ երբեք պիտի չպաշտպանեն իր հետեւորդներուն իրաւունքը ընդդէմ զիրենք անիրաւողներուն:

 

բ) Ցոյց տալու համար թէ իր հետեւորդները այս աշխարհին մէջ մնայուն կերպով պիտի հանդիպին հակառակորդներու, ինչ որ «հակառակորդէս» բառը կը պարզէ: Մեզմէ ո՞վ երբ ուզէ Յիսուսի փրկութիւնը քարոզել ազատօրէն` հակառակորդներու չի հանդիպիր: Ո՞վ երբ ուզէ ճշմարտութիւնը պատգամել` հակառակորդներու չի հանդիպիր: Ո՞վ եթէ ուզէ «Քրիստոսի Աւետարանին վայել ձեւով ապրիլ»` հակառակորդներու չի հանդիպիր: Իր քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին համար հակառակութիւններու հանդիպող մարդուն` Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Երբեք մի´ վախնաք հակառակորդներէն. այդ հակառակութիւնը անոնց կորուստին եւ ձեր փրկութեան ապացոյցն է» (Փիլիպպեցիս 27-28):

 

3) Ի՞նչ ցոյց տալու համար պատմեց առակը:

 

Ղուկաս կը հաստատէ, որ Յիսուս առակը պատմեց՝ «ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու»: Ի՞նչպէս պէտք է հասկնալ «աղօթել առանց վհատելու» բառերը: Առանց վհատելու աղօթելը` ամբողջ օրը ծունկի գալով աղօթելը չէ: Որպէսզի ճշգրիտ կերպով հասկնանք իմաստը առանց վհատելու աղօթելուն, պէտք է յիշենք որ առակը մեզի կը խօսի այրի եւ անիրաւուած կնոջ մը մասին, որ առանց վհատելու կը պահանջէր իր դատին պաշտպանութիւնը ընդդէմ իր հակառակորդին: Արդ, ինչպէս այրի կինը մի´շտ կը դիմէր դատաւորին, եւ անոր պաշտպանութիւնը կը խնդրէր ընդդէմ իր հակառակորդին, նոյնպէս ալ, հաւատացեալ մարդը պէտք է աղօթքով մի´շտ դիմէ Աստուծոյ եւ անոր պաշտպանութիւնը խնդրէ ընդդէմ իր հակառակորդներուն եւ զինք իրաւազրկողներուն: Ուստի, առանց վհատելու աղօթելը` մեր կրած անիրաւութիւնները մնայուն կերպով աղօթքով Տիրոջ դիմաց դնելն է: Առակը մեզի կը խօսի արդարութիւն պահանջող այրի կնոջ մը մասին, ուրեմն առանց վհատելու աղօթելը` անարդարութեան զոհ գացածներուն համար մնայուն կերպով աղօթել կը նշանակէ:

 

Եթէ նկատի առնենք որ այրի կինը այն ատենուայ հասկացողութեամբ անտէր, անպաշտպան ու անօգնական անձն էր, պարզ կը դառնայ որ առանց վհատելու աղօթելը` անտէր, անպաշտպան ու անօգնական մարդոց համար մնայուն կերպով աղօթել եւ անոնց դատը Աստուծոյ ներկայացնել կը նշանակէ:

 

Այրի կինը տեղի չէր տար իր հակառակորդին, այլ մնայուն կերպով իր իրաւունքը կը պահանջէր: Ուրեմն, առանց վհատելու աղօթելը` կեանքի անիրաւութեանց, անարդարութեան եւ հակառակութեանց դէմ հաստատ մնալն է:

 

Յիսուս միայն աղօթելու մասին չէ որ կը խօսի, այլ` առանց վհատելու աղօթելու մասին: Շատեր կ’աղօթեն նեղութեան ժամանակ, բայց երբ տեսնեն որ բան մը չփոխուեցաւ` կը վհատին: Կ’աղօթեն հալածանքի ժամանակ, բայց երբ տեսնեն որ հալածանքը չդադրեցաւ` կը դադրեցնեն աղօթքը: Կ’աղօթեն երբ հակառակութիւններու հանդիպին, բայց երբ տեսնեն որ հակառակութիւնները վերջ չգտան` կը վհատին ու ալ չեն աղօթեր: Ուստի, աղօթելը բաւարար չէ եւ չ’օգներ, եթէ երբեք ատիկա մնայուն չէ, յարատեւ չէ, անվհատ չէ: Ինչո՞ւ համար Յիսուս կը խօսի յարատեւող ու անվհատ հոգի, աննկուն ու հաստատ կամք ունեցող այրի կնոջ մը մասին: Արդեօք անոր համար չէ՞ որ կ’ուզէ մեզ իբր այդպիսին տեսնել: Այո´, Յիսուս կը խօսի իր դատին մէջ յարատեւող կնոջ մը մասին, որպէսզի սորվեցնէ մեզի յարատեւող ըլլալ մեր աղօթքներուն մէջ: Կը խօսի աննկուն ու հաստատ կամք ունեցող այրի կնոջ մը մասին, որպէսզի սորվեցնէ մեզի աննկուն ու հաստատ կամք ունենալ կեանքի դժուարին պահերու դիմաց:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան