ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՔԵՍԱՊ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Ապրիլ ամսուան մէջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած վերահրատարակուող յուշամատեաններու Ը. Հատորը:

 

Քեսապի նուիրուած այս հատորը ընթերցողին կը փոխանցէ ամբողջական պատկերը հայահոծ բնակավայրին: Ամբողջական եւ հարուստ էջերով հրատարակութիւն մըն է Քեսապի սոյն հատորը, որ ոչ միայն կը ներկայացնէ անցեալը իր վերիվայրումներով, այլ իր նոր յաւելումներով կը հասնի մինչեւ մեր օրերը:

 

Պատմական բախտաւոր դարձուածքով մը Քեսապը զերծ մնաց մեր դարաւոր թշնամիին՝ թուրքին կողմէ բռնագրաւուելու կամ իւրացուելու դառնաբեր եւ աղետաբեր ճակատագրէն: Իսկ ներկայիս Քեսապը կը բոլորէ բարգաւաճութեան նոր շրջան մը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան բարեխնամ հոգատարութեան տակ:

 

Տիար Յակոբ Չոլաքեանի բեղուն մասնակցութեամբ կատարուեցաւ այս հատորին ամբողջական աշխատասիրութիւնը: Ներկայ հրատարակութեան խմբագրական աշխատանքները կատարեց բանասէր, մատենագէտ եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան:

 

Տէր Եւ Տիկին Սեպուհ Եւ Սիլվա, Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Մարալ Մանճիկեաններ գործնապէս իրագործեցին հատորին հրատարակութիւնը եւ զայն ձօնեցին Քեսապի տեղահանուած հայութեան:

 

Մատենաշարիս յաջորդ հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ Գրիգոր Հ. Գալուստեանի (Կիլիկեցի) կողմէ պատրաստուած «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» հատորը: