ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի նիստի աւարտին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն ու ժողովականներուն, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Ապա, Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացան…