Յիսուսի ձեռքով լուացուելու անհրաժեշտութիւնը (Ոտնլուայի առիթով)

Վերջին ընթրիքի պահուն էր երբ Յիսուս ոտքի ելաւ, ղենջակ մը առաւ եւ մէջքին կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ: Երբ կարգը հասաւ Պետրոսի եւ ուզեց անոր ոտքերը լուալ` Պետրոս թոյլ չտուաւ: Յիսուս անոր ըսաւ. «Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս» (Յովհաննէս 13.8): Տէրը իր այս բառերով, յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ եթէ ինք չլուայ մեզ՝ մենք չենք կրնար իրեն հետ բաժին ունենալ: Եթէ Արքան չլուայ մեզ՝ մենք չենք կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել: Արդ, Քրիստոս ի՞նչպէս կը լուայ մեզ: Վեց ձեւերով.-

1) Մեզ կը լուայ իր արիւնով: Առանց Արարիչին արիւնին՝ արարածներս չենք կրնար լուացուիլ ու սրբուիլ մեր մեղքերէն (Եփեսացիս 1.7): Տէրը իր արիւնովը քաւեց մեր մեղքերը եւ մեզի փրկութիւն շնորհեց, բայց այդ փրկութիւնը մեր սեփականութիւնը չի դառնար, մինչեւ որ մենք զանիկա արցունքով չխնդրենք: Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ մեղքերու թողութիւնը «առանց արեան հեղումի չ’ըլլար» (Եբրայեցիս 9.22): Օգոստինոս կ’ըսէ. «Ամենէն մաքուր մարդը պիղծ ոգի մըն է, եթէ չէ լուացուած ու մաքրուած Յիսուսի արիւնով»:

2) Մեզ կը լուայ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ: Սուրբ Պատարագի ընթցաքին սրբագործուող ու հաւատացեալին բաշխուող Տիրոջ մարմինն ու արիւնը, դեղն ու դարմանն է մեր հոգիներուն: Տիրոջ մարմինին ու արեան միջոցաւ է որ մենք կը սրբուինք եւ սուրբ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք:

3) Մեզ կը լուայ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ: Սուրբ Հոգին ի´նքն է որ մեր մէջ կը գործէ ու կը ներգործէ յարատեւօրէն, որպէսզի մեզ մաքրէ մեր մեղքերէն ու տկարութիւններէն եւ մեզ դարձնէ բնակարան Սուրբ Երրորդութեան: Սուրբ Հոգիին այս ներգործութիւնը վայելելու համար, պէտք է յանձնուած ըլլալ Քրիստոսի: Սուրբ Հոգիին ներգործութեան նպատակը՝ մեզ Աստուծոյ Որդիին հարազատ պատկերը դարձնելով՝ սրբացնելն է: Բայց Սուրբ Հոգին մեզ Աստուծոյ Որդիին պատկերը դարձնելու չ’աշխատիր, եթէ երբեք նախ Աստուծոյ Որդին իր արիւնով մեզ լուացած, մաքրած ու սրբած չըլլայ: Սրբուիլը եւ սրբացուիլը նոյն բաները չեն: Սրբուիլը՝ Յիսուսի արիւնով է որ տեղի կ’ունենայ, իսկ սրբացուիլը՝ Սուրբ Հոգիին յարատեւ նորգործութեամբ: Բայց նախ պէտք է Յիսուսի արիւնով սրբուիլ, անկէ ետք միայն կը սկսի սրբացուելու գործողութիւնը:

4) Մեզ կը լուայ իր խօսքով: Աստուածաշունչ մատեանին խօսքերը զօրութիւնը ունին լուալու ու մաքրելու մեզ, սրբելու ու սրբագործելու մեզ: Յիսուս խօսքը ուղղելով մեր երկնաւոր Հօր՝ ըսաւ. «Սրբագործէ զանոնք քու ճշմարտութեամբդ, որովհետեւ քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17.17):

5) Մեզ կը լուայ նեղութեանց ընդմէջէն: Ինչպէս տաք ու այրող ջուրը պնակին փակած աղտը կը հանէ, այնպէս ալ, տաք ջուրի նման այրող փորձութիւններն ու նեղութիւններն են որ կը մաքրեն մեր սիրտն ու հոգին, եւ կը հեռացնեն անոնցմէ ամէն աղտ:

6) Մեզ կը լուայ աղօթքի պահուն: Աղօթքի պահը Աստուծոյ պահն է, եւ այդ պահուան ուսուցիչն ու դաստիարակը Աստուած ի´նքն է: Երբ աղօթքով Աստուծոյ ներկայութեան կը կանգնինք, այդ ներկայութիւնն է որ մեզ կը սրբէ ու կը մաքրէ, ուստի աղօթքի պահուն պէտք է ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ ներկայութիւնը փնտռել:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան