Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Գաչեայ Եպիսկոպոսը: Անոր կ’ընկերանար իր օգնական եպիսկոպոսը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան նախագահական ընտրութեան և Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարելիք այցելութեան՝ ներկայ ըլլալու համար Սրբազան Քահանայապետին կողմէ կատարուելիք պատարագին, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին։