Քրիստոսի թաղման առիթով

Քրիստոսի թաղման առիթով երեք մտածումներ.-

1) Քրիստոս իր մահուամբ ու թաղումով կը յիշեցնէ մեզի, թէ մենք պանդուխտ ենք երկրի վրայ, եւ թէ` մեր գոյութիւնը այս աշխարհին մէջ ժամանակաւոր հանգամանք ունի: Արդարեւ, մարդը ստեղծուած է ուրիշ աշխարհի մը համար, ուստի` պէտք չէ ապրի այս աշխարհին համար: Ստեղծուած է երկինքի համար, ուստի` պէտք չէ երկրին ու երկրայինին կառչի: Ո՞վ է այն մարդը որ ինքզինք կը հաստատէ երկրի մը մէջ, երբ գիտէ որ ինք կոչուած է ուրիշ երկրի մը մէջ ապրելու: Մենք ստեղծուած ենք ժամանակաւոր այս կեանքով` անժամանակ կեանքը ձեռք ձգելու. ուստի` անժամանակ կեանքին համար ապրինք: Մենք ստեղծուած ենք մահաբոյր այս կեանքին միջոցաւ` անմահաբոյր կեանքին հասնելու: Ուստի` անմահաբոյր կեանքին համար գործենք:

2) Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռնելով, սորվեցուց մեզի` մեռնիլ մեղքին համար: Մեղքին համար մեռնիլ, կը նշանակէ` արմատախիլ ընել մեր ներսիդիէն մեղքի սէրը: Աստուծոյ համար դատապարտելին մեղք գործելը չէ, այլ` մեղքը սիրելը, մեղքէն հաճոյք ստանալը: Ամենէն հաւատացեալ մարդն անգամ մեղք կը գործէ: Մեծագոյն սուրբերն անգամ ինկած են մեղքերու մէջ: Այնքան ատեն որ կ’ապրինք մեր ներկայ մարմիններուն մէջ` չենք կրնար խուսափիլ մեղքէն: Կարեւորը սակայն, մեղքը չսիրելն է, մեղքէն զզուիլն է, գանիլն է: Երբ կը գանինք մեղքէն` կը նշանակէ թէ մեղքի սէրէն սրբուած սիրտ մը ունինք: Իսկ սիրտ մը որ սրբուած է մեղքի սէրէն, մաքուր ու սուրբ սիրտ կը նկատուի եւ արժանի կը դառնայ տեսնելու զԱստուած (Մատթէոս 5.8): Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ եթէ երբեք մեր սիրտը մաքրուած է մեղքի սէրէն թէ ոչ: Գիտնալու համար` պէտք է մենք զմեզ քննութենէ անցնենք: Նախանձ կա՞յ մեր սրտին մէջ, այլ խօսքով` կա՞յ անձ մը որուն կը նախանձինք, կա՞յ անձ մը որուն չենք սիրեր, կա՞յ անձ մը որուն հանդէպ անհանդուրժող վերաբերմունք ունինք. եթէ կայ, կը նշանակէ թէ մեր սիրտը մաքրուած չէ մեղքի սէրէն, եւ հետեւաբար` չունի´նք մաքուր սիրտ:

3) Քրիստոսի թաղումը` թաղումն է մեղքերով պղծուած մարդկային մեր ինքնութեան: Արդարեւ, Անմեղը թաղուեցաւ, որպէսզի իր թաղումով՝ թաղէ մեր մեղքերն ու անօրէնութիւնները: Ուստի, Քրիստոսի մահը՝ մահացո´ւմն է մեր մեղքերուն, եւ անոր թաղումը՝ թաղո´ւմն է մեր յանցանքներուն:

Կեանքի նորոգիչը՝ Քրիստոս, թաղուեցաւ, որպէսզի իր թաղումով՝ թաղէ մեր մէջ հին մարդը, մեր հին կեանքն ու կենցաղակերպը, մեր հին ինքնութիւնը, մեր հին բնութիւնը եւ այդ բնութեան յատուկ տկարութիւնները:

Բարձրեալը թաղուեցաւ, որպէսզի իր թաղումով՝ մեղքի գետինը ինկածներս բարձրացնէ դէպի Բարձրեալն Աստուած:

Անմարմինը թաղուեցաւ, որպէսզի իր թաղումով՝ թաղէ մեր մէջ մարմնաւորն ու մարմնասիրութիւնը, եւ մարմնաւոր ամէն կիրք ու ցանկութիւն:

Աշխարհի Տէրը թաղուեցաւ, որպէսզի իր թաղումով՝ թաղէ մարդուն մէջ աշխարհասիրութիւնը եւ աշխարհային ամէն ցանկութիւն:

Թանկագին ընթերցողներ, եկէք քննենք մեր սիրտերը: Եթէ քէնութիւն կայ հոն` թաղե´նք զանիկա Յիսուսի գերեզմանին մէջ, որպէսզի համերաշխութեան հոգին ծնունդ առնէ մեր մէջ: Թաղե´նք մեր կեանքին մէջ ամէն ըսի-ըսաւ, թաղե´նք ամէն զրպարտութիւն ու բամբասանք, թաղե´նք աններողութեան ամէն զգացում, թաղե´նք ամէն աւելորդապաշտութիւն ու սնոտիապաշտութիւն, որպէսզի Քրիստոսի յարութեամբ` մենք ալ յարութիւն առնենք դէպի նո´ր ու նորոգուա´ծ կեանք:

Թող որ Քրիստոսի թաղումով` թաղուի մեր հին կեանքը, եւ անոր յարութեամբ` նոր կեանք շնորհուի մեզի: Թող որ Քրիստոսի մահուամբ` մեռնի մեր մէջ հին մարդը, եւ անոր յարութեամբ` նոր մարդը ծնի մեր մէջ, որպէսզի դառնանք Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնը, եւ նուիրուինք կատարելու «այն բարի գործերը, որոնց համար Աստուած սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը» (Եփեսացիս 2.10):

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան