9 Ապրիլի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հոգեւորականաց Համախմբումի ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ էր, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Սոյն Հանդիպումին մաս կը կազմեն Լիբանանի բոլոր քրիստոնեայ թէ իսլամ համայնքները:

Համախմբումին անդամները Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց, իր կատարած աշխատանքներուն մասին եւ 12 Ապրիլին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին առջեւ, Լիբանանի պատերազմի քառասնամեակին առիթով իրենց կազմակերպած ձեռնարկին հրաւիրեցին:

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Համախմբումին աշխատանքները եւ շեշտեց, որ նման հոգեւոր համախմբումներ կը զօրացնեն Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը, որուն կարիքը ունի Լիբանանը, մանաւանդ այս դժուարին օրերուն: Ան յիշեցուց, որ հոգեւոր առաջնորդները իրենք օրինակ պէտք է հանդիսանան Լիբանանի ժողովուրդին եւ ահա այս Համախմբումը լաւագոյն ձեւով կ’արտայայտէ Լիբանանի ներքին հոգեւոր ու ազգային միասնականութիւնը:

Վերջապէս, Նորին Սուրբ Օծութիւնը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ քաջալերեց, որ Համախմբումը եւս մասնակից դառնայ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, առ ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդի արդար դատին ու պահանջատիրութեան:

More News