«ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԱՌԻԹ Է ՈՒ ՀՐԱՒԷՐ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքին առիթով, Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանի ու Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին, Պէյրութի Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան եւ իր Հայրապետական պատգամը տուաւ ժողովուրդին։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին արարողութեան ներկայ եղան նաեւ միաբան հայրեր. արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աշակերտութիւնը։

 

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին ողջունելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդն ու Ազգ. Իշխանութիւնը, գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը միաժամանակ իր հայրական օրհնութիւնը ու գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, որոնք կը գործեն ու կը ծառայեն ի խնդիր Լիբանանի հայութեան համայնքային կեանքի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ՝ «Մեծ Պահքը մեր եկեղեցւոյ ծիսական ու հոգեւոր կեանքէն ներս իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Եկեղեցին ո՛չ միայն իր արտաքին ձեւին ու ծիսական կեանքին մէջ կը փոխուի, այլ նաեւ հաւատացեալը կը հրաւիրէ իր հոգեւոր կեանքը վերաքննութեան, վերարժեւորումի ու վերասրբագրութեան ենթարկելու։ Ճիշդ այս սպասումով ու հեռանկարով, եկեղեցին Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր Կիրակին կոչած է աստուածաշնչական դրուագի մը կամ առակի մը անունով. Այսպէս, Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի եւ Գալստեան Կիրակի։ Այս Կիրակի օրերու ընթացքին կարդացուած Աւետարանները զանազան դրուագներու ու առակներու ճամբով, հաւատացեալներուն կը յիշեցնեն քրիստոնէական կեանքին առնչուած հիմնական սկզբունքներ։

 

Այս ընդհանուր մուտքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ՝ «Երբ յիշեալ Կիրակի օրերուն համար ճշդուած աստուածաշնչական ընթերցումները ի մի հաւաքենք, յստակ կերպով պիտի տեսնենք յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած երեք կէտեր, որոնք հիմքը կը կազմեն քրիստոնէական մեր կեանքին.-

 

ա) ՀԱՅՐ-ՈՐԴԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ։ Աշխարհի կրօններէն որեւէ մէկը Աստուծոյ կամ իր դաւանած գերագոյն ուժին եւ մարդու յարաբերութիւնը չ’ըմբռներ որպէս հայր եւ որդիի փոխ-յարաբերութիւն։ Աստուծոյ հայրութեան գաղափարը հանգրուանային կերպով զարգացաւ մարդուն մօտ. յստակօրէն կը պարզուի Աստուածաշունչի առաջին էջերէն սկսեալ։ Աստուծոյ որպէս հայր ըմբռնումը իր գագաթնակէտին հասաւ Քրիստոսով։ Իր ուսուցումներուն, առակներուն ու հրաշքներուն ճամբով Աստուծոյ Որդին յաճախակիօրէն յիշեցուց մարդուն թէ՝ Աստուած ո՛չ միայն իր ստեղծիչն է, այլ նաեւ իր հայրը, եւ մարդը՝ իր որդեգիր զաւակը։ Արդարեւ, հայր-որդիի յարաբերութիւնը Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան էութիւնը կը կազմէ։ Ինչպէս Աւետարանիչը կ’ըսէ, Աստուած որպէս հայր այնքան սիրեց մարդը որ նոյնիսկ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մոլորած ու անառակացած մարդը փրկելու։ Հայր Աստուծոյ անհուն սէրը մարդուն նկատմամբ քրիստոնէական կրօնի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է։ Մեծ Պահքը յիշեցում մըն է ու հրաւէր մը մարդուն, որ անառակ որդիի նման ընդունի իր մեղքերը եւ վերադառնայ իր երկնաւոր Հօր։

բ) ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ԿՈՉՈՒՄ ՈՒՆԻ։ Աստուած մարդը ստեղծելով, զինք չլքեց երբեք. անոր նուիրական կոչում մը տուաւ. այլ խօսքով՝ յատուկ պատասխանատուութիւն մը՝ իր ստեղծագործութեան պահակը ու պաշտպանը դառնալու։ Աստուած նաեւ մարդը օժտեց բանականութեամբ եւ զանազան շնորհքներով, որպէս իրեն գործակից, որոշ իմաստով՝ իր գործը շարունակելու տիեզերքին մէջ։ Մարդ արարածը յաճախ կը մոռնայ որ ինք ինքնագոյ գոյութիւն մը չէ, ինք ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, հետեւաբար իր կեանքին սեփականատէրը ինք չէ։ Մարդ յաճախ կը մոռնայ, որ այս տիեզերքը իր սեփականութիւնը չէ, ինք իրաւունք չունի իր հաճոյքին ու շահուն համար գործածելու, այլ զայն զարգացնելու միայն Աստուծոյ փառքին համար։ Մարդ յաճախ կը մոռնայ թէ ինք աստուածատուր պատասխանատուութիւն մը ունի եւ հետեւաբար, պէտք է զայն լիովին կատարէ։ Մեծ Պահքը յիշեցում մըն է ու հրաւէր մը մարդուն՝ թէ ինք իր անձնական, ընտանեկան, համայնքային եւ զանազան պարտաւորութիւններէն առաջ ու վեր պարտաւորութիւն մը ունի՝ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած, եւ այդ պարտաւորութեան նկատմամբ պէտք է ըլլայ հաւատարիմ։

գ) ՄԱՐԴԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ՀԱՇՈՒԵՏՈՒ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ։ Մեր առօրեայ կեանքին մէջ երբ պարտականութիւն կը տրուի մեզի եւ պատասխանատուութեան կը կոչուինք, պարտաւոր կը զգանք հաշուետուութիւն կատարելու։ Այնպէս ալ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած պարտաւորութիւնը մարդը կը մղէ հաշիւ տալու Աստուծոյ։ Քրիստոս ինք եւս իր առակին ճամբով յիշեցուց մարդուն ըսելով՝ «տուր քու տնտեսութեանդ հաշիւը»։ Հետեւաբար, հաշուետուութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ հիմնական սկզբունք մըն է։ Ան քրիստոնէական բարոյագիտութեան էական տարրերէն մէկն է։ Հաշուետուութիւն կ’ենթադրէ քաջութիւն, ինքնավստահութիւն. ան աղբիւր է յառաջդիմութեան։ Հաշուետուութեան բացակայութիւնը կը դառնայ պատճառ բազմազան չարիքներու։ Դարձեալ, Մեծ Պահքը յիշեցում մըն է ու հրաւէր մը մեզմէ իւրաքանչիւրին հաշուետուութեան գիտակցութեամբ մեր կեանքը ապրելու ու մեր գործը կատարելու՝ Աստուծոյ, մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ընտանիքին ու նաեւ մեր անձին նկատմամբ»։

Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ըսաւ՝ «Ցեղասպանութենէն ետք, անցնող հարիւր տարիներուն մեր ժողովուրդը իր կեանքը ապրեցաւ պատասխանատուութեան ու հաշուետուութեան խոր գիտակցութեամբ։ Մենք հաւատարիմ գտնուեցանք մեր նահատակներու հաւատքին ու կտակին։ Ցեղասպան թուրքը ջարդեց մեր ժողովուրդի զաւակները. եղանք որբ, գաղթական, հայրենազուրկ, սակայն երբեք չկորսնցուցինք մեր հաւատքը ու յոյսը, երբեք չհեռացանք մեր նահատակներու նուիրական կտակէն։ Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին մենք ոչ միայն մեր կեանքը վերակազմակերպեցինք, այլ նաեւ պայքարեցանք ի խնդիր մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման։ Արդ, 100-ամեակը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով կառչած մնալու մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր ազգի ձգտումներուն ու շարունակելու մեր պայքարը»։

Արեւագալի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը հիւրը եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի կազմակերպած աւանդական նախաճաշին։ Ներկայ եղան նաեւ Թեմի ազգայիններ ու Դպրեվանքի աշակերտութիւնը։ Նախաճաշի ընթացքին խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ Դպրեվանքի աշակերտները երգերով ու արտասանութիւններով ծաղկեցուցին մթնոլորտը։ Օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքի աշակերտութեան, յիշեցնելով որ Դպրեվանքը այն հոգեւոր մկրտարանն է, ուր մեր ժողովուրդի զաւակները մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներով կը վերամկրտուին՝ օր մը դառնալու համար ծառաները մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին։