Տէր Յիսուս Քրիստոս, Փրկի´չ աշխարհի
Գաւազանահարուեցան ոտքերդ: Այն ոտքերդ՝ որոնք եթէ համբուրուին՝ մեղքեր կը սրբուին, յանցանքներ կը քաւուին:
Ծակուեցան ձեռքերդ: Այն ձեռքերդ՝ որոնք կը շարժին՝ միայն օգնելու, եւ կը բարձրանան՝ միայն օրհնելու:
Ցաւցուեցան մատներդ: Այն մատներդ՝ որոնցմով ուրիշներուն ցաւերը փարատեցիր, որոնցմով կոյրերու աչքեր եւ խուլերու ականջներ բացիր:
Ապտակուեցան երեսներդ: Այն երեսներդ՝ որոնց տեսութիւնը անսահման երջանկութիւն կը ներշնչէ:
Բռնցքահարուեցան աչքերդ: Այն աչքերդ՝ որոնք միայն սիրով կը նային՝ սիրոյդ կարօտ մարդոց:
Գանակոծուեցաւ գլուխդ: Այն գլուխդ՝ զորս ամէն մարդ կ’ուզէ իր կեանքը տալ, միայն թէ կարենայ երկվայրկեանի մը համար զայն իր կուրծքին վրայ հանգչեցնել:
Խոցուեցաւ կողդ: Այն կողդ՝ որով բուժուեցաւ կողը Ադամին ու բոլոր Ադամներուն, եւ որով ներուեցան բոլոր կողակիցները անոնց:
Արիւնեցան շրթներդ: Այն շրթներդ՝ որոնք շարժեցան ու կը շարժին միայն հաշտութիւն ու խաղաղութիւն պատգամելու:
Լռեցուեցաւ բերանդ: Այն բերանդ՝ զորս ուսուցանեց մեր բերանները փառաբանութեամբ ու շնորհակալութեամբ բանալու:
Խլուեցաւ պատմուճանդ: Այն պատմուճանդ՝ որով մեղքի արիւնահոսութիւններ դադրեցան:
Խարազանահարուեցաւ կռնակդ: Այն կռնակդ՝ որով կը կրես մեր բոլոր հոգերն ու բեռները:
Վիրաւորուեցան ուսերդ: Այն ուսերդ՝ որոնց վրայ ուրախութեամբ կը շալկես գտած ոչխարներդ:
Հարուածուեցաւ կուրծքդ: Այն կուրծքդ՝ որ միայն սիրով կը բաբախէ մարդուն հանդէպ:
Տանջուեցաւ մարմինդ: Այն մարմինդ՝ որով քաւուեցան մեր մեղքերը:
Խաչուեցար, որպէսզի մեզ ազատես մեղքի յաւիտենական խաչելութենէն: