Ժընեւ կատարած իր վերջին այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ Հասաքէի շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան։ Արդարեւ, երկու օրեր առաջ իսլամ ծայրայեղականներ յարձակած էին շրջանի ասորի գիւղերուն վրայ, եկեղեցիներ այրած եւ շուրջ հարիւր հոգիներ առեւանգած։
Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լեռնալիբանանի ասորի համայնքի Առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոս։ Ան տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին եւ յայտնեց, որ շուրջ հինգ հազար ասորիներ հեռացած են իրենց գիւղերէն եւ ապաստանած՝ Գամիշլի։ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց ասորի գիւղերէն ներս ծայրայեղականներու կողմէ կատարուած յարձակումը եւ ասորիներու առեւանգումը ու շեշտեց միջ-քրիստոնէական գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։
Յիշեալ հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Արա Տէմիրճեան։ Պրն. Տէմիրճեան մնայուն կապի մէջ ըլլալով Հալէպի մեր համայնքի պատասխանատուներուն հետ, Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց յատկապէս Գամիշլիի շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր մտահոգութիւններուն մասին։ Նորին Սրբութիւնն ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը հետեւողական կերպով կը հետեւին ընդհանրապէս Սուրիայէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ իրենց առաւելագոյնը կ’ընեն օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։