Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Հ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015-ի առաւoտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մoտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած աշխատանքներու եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ առնչուած ծրագիրներու: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Տիկին Յակոբեանի նուիրեալ…