ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ որուն մնայուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, գումարեց իր Գործադիր Վարչութեան նիստը 9-13 Փետրուար, 2015-ին, Պանքոքի մէջ: Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որպէս անդամ յիշեալ վարչութեան: Վարչութիւնը ունէր օրակարգի գլխաւոր երկու նիւթեր.- ա) Ընդհանուր…