21 Մարտի, 2015

Գալստեան Կիրակի

Գալստեան Կիրակիին առիթով երգուած շարականները կը խօսին ոչ միայն Տիրոջ առաջին գալուստին մասին, այլեւ` անոր երկրորդ գալուստին մասին: Եւ այս առիթով, կ’ուզենք ցոյց տալ Տիրոջ առաջին եւ երկրորդ գալուստին տարբերութիւնը.-

Առաջին անգամ եկաւ սրբելու մեր մեղքերը ու մեզ փրկելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իրենց մեղքերէն սրբուածներուն յաւիտենական փրկութիւն շնորհելու:

Առաջին անգամ եկաւ իր թագաւորութիւնը հաստատելու մարդոց սրտին մէջ, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իր թագաւորութիւնը հաստատելու ամբողջ աշխարհին մէջ:

Առաջին անգամ եկաւ մեզ արդարացնելու համար, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իրմով արդարացածները իր քով առնելու:

Առաջին անգամ եկաւ քաւութիւն պարգեւելու քաւութեան կարօտ հոգիներուն, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իր ձեռքէն քաւութեան պարգեւը ստացողներուն յաւերժական կեանքը պարգեւելու:

Առաջին անգամ եկաւ անապաշխարը ապաշխարութեան բերելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` անապաշխարը դատի բերելու:

Առաջին անգամ եկաւ իբրեւ անպաշտպան Գառնուկ, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իբրեւ պաշտպան Առիւծ:

Առաջին անգամ եկաւ առանց փառքի, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իբրեւ փառքի Աստուած:

Առաջին անգամ եկաւ մինակ, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իր իշխանութեան ենթակայ անհամար հրեղէն հրեշտակներու բանակներով:

Առաջին անգամ եկաւ կապելու Սատանան եւ անոր պիղծ ոգիները, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ վերջնական պարտութեան մատնելու զանոնք:

Առաջին անգամ եկաւ ազատելու մարդիկը մեղքի դատապարտութենէն, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ դատապարտելու իր պարգեւած ազատութիւնը մերժողները:

Առաջին անգամ եկաւ յարութիւն տալու մեռած հոգիներուն, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ յարութիւն տալու մեռած մարմիններուն:

Առաջին անգամ եկաւ ազատելու մարդը մահուան դատապարտութենէն, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իր բերած ազատութիւնը մերժողները յաւիտենական մահուամբ դատապարտելու:

Առաջին անգամ եկաւ մեզ ազատելու Օրէնքի անէծքէն, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ օրէնքի համաձայն դատելու` Օրէնքի անէծքին տակ մնացողները:

Առաջին անգամ եկաւ անհաւատութեան կապանքներով կապուածներուն արձակում շնորհելու ու հաւա´տք ներշնչելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ անհաւատութեան կապանքներուն մէջ մնացողները կապելու ու դժոխք նետելու:

Առաջին անգամ եկաւ իբրեւ բարի հովիւ` կորսուածը գտնելու համար, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իբրեւ արդար հովիւ` այծերը իր ոչխարներէն զատելու համար:

Առաջին անգամ եկաւ մոլորածը դարձի բերելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ դարձի չեկողը պատժելու:

Առաջին անգամ եկաւ իբրեւ սերմնացան, Աստուծոյ խօսքին սերմը սերմանելու մարդոց հոգիներուն մէջ, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իբրեւ հնձող` հնձելու համար հաւատքի սերմնահատիկներով լեցուած հասկերը եւ զանոնք ամբարելու իր յաւիտենական շտեմարաններուն մէջ:

Առաջին անգամ եկաւ իբրեւ փաստաբան ու բարեխօս, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իբրեւ դատաւոր:

Առաջին անգամ եկաւ իբրեւ լոյս ու լուսաւորելու համար, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իր լոյսը մերժողները` արտաքին խաւարին դատապարտելու համար:

Առաջին անգամ եկաւ իր եկեղեցին կազմելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ իր կազմուած եկեղեցին իր մօտ առնելու:

Առաջին անգամ եկաւ մեզ ազատելու մեր մարմիններէն ու անոնց ցանկութիւններէն, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իրենց մարմնաւոր ցանկութիւններէն ազատածները` դասակից դարձնելու անմարմին հրեշտակներու խումբերուն:

Առաջին անգամ եկաւ իր հարսը պատրաստելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` անպատրաստ հարսերը իր ներկայութենէն դուրս դնելու:

Առաջին անգամ եկաւ սորվեցնելու մեզի փառք տալ Աստուծոյ, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` դատապարտելու Աստուծոյ փառք չտուողները:

Առաջին անգամ եկաւ մեր անունները գրելու կենաց գիրքին մէջ , իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իր արքայութիւնը շնորհելու իրենց անունները կենաց գիրքին մէջ գրուած անձերուն:

Առաջին անգամ եկաւ մեզ Աստուծոյ աներեւոյթ արքայութեան անդամ դարձնելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ մեզ Աստուծոյ երեւելի արքայութեան ժառանգորդ ու բնակիչ դարձնելու:

Առաջին անգամ եկաւ մեզ Սուրբ Հոգիին տաճար դարձնելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ Սուրբ Հոգիի տաճար դարձածները` իր երկնային տաճարին սիւները դարձնելու:

Առաջին անգամ եկաւ Աստուծոյ օրհնութիւնը տալու մեզի, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստացողները` Աստուծոյ օրհնեալ զաւակները հռչակելու:

«Օրհնեալ ըլլայ ան` որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մատթէոս 23.39):

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News