«ՍԷՐԸ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ԴԱՐՁԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓՐԿԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ Աւագ Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող արարողութիւններու մասնակից կը դառնան մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս մեր երիտասարդները, հաղորդուելով աւետարանական ճշմարտութիւներով ու արժէքներով։

 

Արդարեւ, Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը առնչուած է Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ու փրկագործական առաքելութեան յատկանշական մէկ երեսին։ Աւետարանական ընթերցումներով, շարականներով ու քարոզներով մեր եկեղեցին հաւատացեալները կը հրաւիրէ ոչ միայն տեղեակ ըլլալու Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանի դէպքերուն, այլ նաեւ հոգեպէս մասնակից դառնալու անոնց։

 

2 Ապրիլ 2015-ին, Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Կարգ Ապաշխարողաց, ապա հաղորդութեան հաստատման Սուրբ Պատարագ, որպէս յիշատակութիւն վերնատան մէջ Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իր աշակերտներուն հետ միասին։ Կէսօրէ յետոյ կատարուեցաւ Ոտնլուայ, ապա՝ Խաւարման գիշերի հսկումը։
Վեհափառ Հայրապետը արարողութիւններուն նախագահեց եւ կատարեց Ոտնլուան՝ համաձայն մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան։

 

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «Ոտնլուայի արարողութիւնը շօշափելի կերպով կ’արտայայտէ քրիստոնէական կրօնի էութիւնը հանդիսացող սէրը։ Սէրը քրիստոնէական հասկացողութեամբ կը նկատուի Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկը։ Սակայն սէրը սովորական ստորոգելի մը չէ, Աստուած սէ՛րն իսկ է, սիրոյ անսպառ աղբիւրը։ Այդ սէրն էր որ զԱստուած մղեց ստեղծելու տիեզերքը, ապա՝ Ադամն ու Եւան ու անոնց յանձնելու տիեզերքը պահելու ու պահպանելու նուիրական կոչումը։ Աստուծոյ սէրն էր որ զԻնք մղեց իր Միածին Որդին ղրկելու աշխարհ։ Աստուծոյ սէրն էր որ մղեց Աստուծոյ Որդին ծառայելու մարդուն, նոյնիսկ անոր ոտքերը լուալու, եւ աւելին՝ իր արիւնը թափելու մարդու փրկութեան համար։ Աստուծոյ սիրոյն նպատակը մարդու փրկութիւնն էր, որովհետեւ մարդը ոչ միայն Աստուծոյ արարածն էր, այլ որդեգիր զաւակը»:

 

Այս աստուածաշնչական ընդհանուր վերլուծմէն ետք Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամը ժողովուրդին ուղղելով ըսաւ. «կ’անդրառանա՞նք արդեօք, թէ Աստուած որքա՜ն սիրած է մարդը, որ նոյնիսկ մարդու փրկութեան համար խաչ բարձրացաւ։ Մեր կեանքին մէջ սովորական, զգացական կամ մակերեսային կերպով պէտք չէ մօտենալ սիրոյ։ Սիրել կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ։ Սիրել կը նշանակէ մեր նմանին օգտակար ըլլալ՝ բառին վաւերական ու ամբողջական իմաստով։ Սիրել կը նշանակէ մեր անձը չնկատել կեդրոնը ու նպատակը մեր կեանքին։ Սիրել կը նշանակէ մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար ապրիլ, գործել ու ծառայել։ Ոտնլուայի արարողութեան ճամբով ա՛յս է որ կը պատգամէ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդին»։