«ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԱՌԻԹ Է ՈՒ ՀՐԱՒԷՐ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքին առիթով, Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանի ու Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին, Պէյրութի Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան եւ իր Հայրապետական պատգամը տուաւ ժողովուրդին։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին արարողութեան ներկայ եղան նաեւ միաբան հայրեր. արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աշակերտութիւնը։…