Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին գլխաւորութեամբ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի։
Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները թէ՛ Հայաստանի և թէ Սփիւռքի մէջ ու յատկապէս համահայկական հռչակագիրը և անոր թողած դրական արձագանգը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։