Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ որուն մնայուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, գումարեց իր Գործադիր Վարչութեան նիստը 9-13 Փետրուար, 2015-ին, Պանքոքի մէջ:
Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որպէս անդամ յիշեալ վարչութեան: Վարչութիւնը ունէր օրակարգի գլխաւոր երկու նիւթեր.- ա) Ընդհանուր Քարտուղարի ընտրութիւն եւ բ) Խորհուրդի 14-րդ համաժողովի քննարկում, որ տեղի պիտի ունենայ Ճաքարթայի մէջ:
Ժողովը միաձայնութեամբ Դոկտ. Մաթիու Ճորճ Շունաքարան ընտրեց ԱԵԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնին: Դոկտ. Շունաքարան կը պատկանի Հնդիկ Մար Թոմա եկեղեցւոյ, լայն փորձառութիւն ունի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց դաշտէն ներս եւ քաջատեղեակ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր միջ-եկեղեցական շարժումին բերած կարեւոր ներդրումին: Ապա, ժողովը քննարկեց Ճաքարթայի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին աշխատանքները:
Ժողովի ընթացքին, Սեպուհ Սրբազան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ժողովականները իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին եւ պարտականութիւն տուին Ընդհանուր Քարտուղարին, որ այս ուղղութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամակցող բոլոր եկեղեցիներուն պաշտօնական նամակ գրէ, որպէսզի 24 Ապրիլին աղօթեն մեր նահատակներու հոգիներուն համար: Նաեւ որոշուեցաւ, որ ԱԵԽ-ի համաժողովը եւս յատուկ անդրադարձ ունենայ այս մասին: