20 February, 2015

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Արտաքսման Կիրակին մեր նախածնողներուն` Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսման խորհուրդը կը պատմէ: Այս առիթով հակիրճ կերպով պատասխանը կու տանք չորս հարցումներու.-

 

1) Ի՞նչ բանը պատճառ եղաւ, որ Ադամ ու Եւա մեղանչեն:

Սատանային հետ երկխօսութիւնը: Սատանան չի կրնար մարդը առաջնորդել մեղքի եթէ երբեք երկխօսութեան մէջ չմտնէ անոր հետ: Ան կը ճանչնայ մարդոց տկարութիւնները, եւ ուստի` գիտէ թէ իւրաքանչիւրին հետ ե´րբ եւ ի´նչ ձեւով պէտք է երկխօսութեան մէջ մտնէ: Եւային պարագային, օձը, այսինքն` Սատանան հարցումով մը սկսաւ անոր հետ երկխօսութիւնը: Եթէ Եւա չպատասխանէր անոր հարցումին կամ անտեսէր զայն, Սատանան պիտի հեռանար իրմէ, գոնէ ժամանակաւորապէս: Երբ Եւա անոր հետ երկխօսութեան մէջ մտաւ, ատիկա իր պարտութեան ու տապալումին առաջին քայլը եղաւ: Բոլոր անոնք որոնք Չարին հետ երկխօսութեան մէջ կը մտնեն` անպայման որ կը պարտուին ու կը տապալին:

 

2) Սատանան ի՞նք ստիպեց Եւային մեղանչելու:

Ադամ ու Եւա ազատ կամքով ստեղծուեցան, այլ խօսքով` անոնք կատարեալ ազատութիւնը ունէին որոշելու իրենց ընելիքը, իրենց առնելիք քայլը: Եւա ազատ էր ծառին պտուղէն ուտելու կամ չուտելու: Սատանան բացատրեց Եւային թէ ի´նչ պիտի ըլլար եթէ ուտէր ծառէն, բայց չստիպեց որ ուտէ, քանի ստիպելու իշխանութիւն չունէր եւ չունի´: Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան կ’ըսէ. «Չարը չի´ կրնար վնասել մարդուն եթէ մարդը չվնասէ ինքնիրեն»: Սատանան կրնայ մեղքի փափաք դնել մեր մէջ բայց չի կրնար ստիպել որ մեղք գործենք: Ան իրաւասութիւն ունի փորձելու մեզ, բայց իրաւասութիւն չունի փորձութեան մէջ ձգելու: Մե´նք է որ մեր ազատ կամքով կ’որոշենք փորձութեան ու մեղքի մէջ իյնալ թէ ոչ: Ան նոյնիսկ չարի´ք չի կրնար հասցնել մեզի, եթէ մենք վճռած ենք բարին գործել, ինչպէս Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ո՞վ ձեզի չարիք կը հասցնէ, եթէ դուք բարին գործելու նախանձախնդիր ըլլաք» (Ա.Պետրոս 3.13):

 

3) Ինչո՞ւ համար Ադամ ու Եւա արտաքսուեցան դրախտէն:

Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսման պատճառը` իրենց մեղք գործելը չէր, ինչպէս յաճախ կը մտածենք: Կային հիմնական երկու պատ­ճառներ, թէ ինչո´ւ համար անոնք դուրս դրուեցան դրախտէն.-

 

ա) Իրենց գործած մեղքը չխոստովանիլը: Երբ Աստուած եկաւ փնտռեց Ադամն ու Եւան, անոնք փոխանակ ընդառաջ գային եւ խոստովանէին իրենց ըրածը, ընդհակառակը, փախան եւ «պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան» (Ծննդոց 3.8): Աստուած կ’ուզէր որ անոնք յառաջ գային եւ խոստովանէին իրենց ըրածը: Ուստի, Աստուած Ադամն ու Եւան չարտաքսեց դրախտէն որովհետեւ մեղք գործեցին, այլ որովհետեւ չխոստովանեցան իրենց գործած մեղքը: Ասիկա ճշմարիտ է մեզմէ ամէն մէկուս համար: Աստուած գիտէ որ բնութեամբ հողեղէն ենք, եւ ուստի` մա´րդ ենք, տկա´ր ենք, եւ ենթակայ սայթաքումներու. ահա թէ ինչու, ան մեզ չի դատապարտեր եթէ մեղք գործենք, բայց անկասկած որ պիտի դատապարտէ եթէ չխոստովանինք մեր գործած մեղքերը: Օգոստինոս կ’ըսէ. «Մեր վրայ դատապարտութիւն բերողը` մեղք գործելը չէ, այլ` մեր գործած մեղքերը չխոստովանիլը»: Իսկ Ոսկեբերան Հայրապետը կ’ըսէ. «Մեր մեղքերը չեն կրնար մեզ գեհենի կրակին մէջ նետել, եթէ երբեք խոստովանութեամբ շիջեցնենք կրակը մեր մեղքերուն»:

 

բ) Անոնց դրախտէն արտաքսուելուն երկրորդ պատճառը` իրենց յանցագործութեան դրդապատճառը ուրիշին վերագրելն էր, այլ բացատրութեամբ մը` իրենց ըրածին համար ուրիշը մեղադրելը: Ադամ մեղադրեց կինը, իսկ կինը՝ մեղադրեց Օձը: Խորքին մէջ սակայն երկուքն ալ անուղղակիօրէն զԱստուած է որ մեղադրեցին: Ադամ Աստուծոյ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա´ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ» (Ծննդոց 3.12): Իր այս խօսքով, ան ըսել կ’ուզէր. «Ո´վ Աստուած, եթէ դուն ինծի կինը տուած չըլլայիր՝ ես մեղքի մէջ պիտի չիյնայի»: Իսկ երբ Եւային հարցուց թէ ինչո´ւ այդպէս ըրաւ, Եւա ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ» (Ծննդոց 3.13): Իր այս խօսքով, Եւա ըսել կ’ուզէր. «Եթէ Օձը զիս չխաբէր՝ ես մեղքի մէջ պիտի չիյնայի: Եթէ դուն, ո´վ Աստուած, Օձը ստեղծած չըլլայիր, կամ եթէ զինք գոնէ այդքան խորամանկ ստեղծած չըլլայիր՝ ան պիտի չկրնար զիս խաբել»:

 

Այսօր, երբ մենք մեղք գործենք կամ սխալ մը ընենք, արդեօք Ադամի ու Եւայի վերաբերմունքը չե՞նք որդեգրեր, այլ խօս­քով՝ մեր գործած մեղքին պատճառը կամ դրդա­պատճառը ուրիշը չե՞նք սեպեր: Երբ դժբախտու­թեան մը կը հանդիպինք, ուրիշը չե՞նք նկատեր պատճառն ու հեղինակը մեր դժբախտութեան:

 

Ադամի ու Եւայի կեանքի փորձառութենէն սորվինք, որ ուրիշը մեղադրելով ու յանցաւոր հանելով՝ ոեւէ մէկը չի կրնար արդարանալ:

 

4) Ի՞նչ էր դրախտը որմէ արտաքսուեցան Ադամն ու Եւան:

«Դրախտէն արտաքսուիլ» բացատրութեամբ, պէտք չէ հասկնալ Ադամին ու Եւային փոխադրուիլը նիւթական վայրէ մը դէպի այլ նիւթական վայր մը: Ճիշդ է որ դրախտը նիւթական պարտէզ մըն էր, եւ կը գտնուէր Եդեմի մէջ (Ծննդոց 2.8, 3.24), բայց այս պարագայիս, դրախտէն արտաքսուիլը` պարզապէս Աստուծոյ ներկայութենէն դուրս դրուիլ կը նշանակէ: Ադամ ու Եւա մնայուն կերպով Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կ’ապրէին, Աստուծոյ հետ հայր եւ զաւակի քաղցր ու մտերիմ յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան մէջ էին. դրախտէն դուրս դրուիլը` Աստուծոյ հետ իրենց այս ունեցած սիրալիր յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան դադրեցումն էր: Այս իրողութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ պատուիրանազանց ու մեղքի կեանք ապրող մարդը, չի կրնար մնալ ու ապրիլ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, չի կրնար Աստուծոյ հետ անկեղծ յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ:

 

Վերջապէս, Արտաքսման տօնին առիթով, եկէք մեր կեանքէն արտաքսենք ամէն մեղք ու մոլութիւն որ կրնայ մեզ հեռացնել Տիրոջմէ, եւ ընդունինք ամէն առաքինութիւն որ կրնայ մեզ մօտեցնել Տիրոջ:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան