Ճրագալոյցի առիթով

Ի՞նչ կը նշանակէ «Ճրագալոյց»: «Ճրագալոյց» բառը կազմուած է երկու բառերէ` «ճրագ» եւ «լուցանել»: Լուցանել բառը գրաբար է եւ կը նշանակէ` վառել: Այս իմաստով, «Ճրագալոյց» կը նշանակէ` ճրագը կամ ճրագները վառել, լուսաւորել:

Նախապէս մեր եկեղեցին բոլոր մեծ տօներու նախընթաց երե­կոյին նախատօնակ կը կատարէր. նախատօնակի բոլոր արարողու­թիւնները կը կոչուէին` Ճրագալոյց, որովհետեւ արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կանթեղները, եւ այլ ճրագներ ու մոմեր կը վառուէին եկեղեցւոյ մէջ. մոմերը կը բաժնուէին հաւատացեալ­ներուն: Նոյնը ամէն Կիրակամուտին կատարելու սովորութիւնն ալ ունէինք, ահա թէ ինչու, Կիրակամուտին երգուող Լոյս Զուարթ երգը կոչուած է` «Օրհնութիւն ճրագաց»:

Այսօր սակայն, տօներու նախընթաց երեկոյին կատարուող նա­խատօնակները Ճրագալոյց չեն կոչուիր: Այսօր «Ճրագալոյց» բնորո­շումը կը գործածենք միայն սուրբ Ծնունդի եւ սուրբ Զատիկի նախընթաց երեկոներուն մատուցուող Պատարագներուն համար:

Հայ Եկեղեցին տարին միայն երկու անգամ երեկոյեան սուրբ Պատարագ կը մատուցէ. առաջինը սուրբ Ծնունդի նախընթաց երեկոյին, իսկ երկրորդը` սուրբ Զատիկի նախընթաց երեկոյին, եւ, ինչպէս ըսի, ասո´նք են որ «Ճրագալոյցի Պատարագ» կը կոչուին:

Ի՞նչ է նպատակը Ճրագալոյցին: Սուրբ Ծնունդի եւ սուրբ Զա­տիկի նախընթաց երեկոներուն մատուցուող Ճրագալոյցի Պատա­րագներուն նպատակն է` պատրաստուիլ յաջորդ օրուան մեծ Խոր­հուրդին: Անցեալին սուրբ Ծնունդն ու սուրբ Զատիկը կանխող ամ­բողջ օրը կը կոչուէր Ճրագալոյց, եւ ո´չ թէ միայն երեկոյեան մատու­ցուող Պատարագը. ինչո՞ւ համար. որովհետեւ հաւատա­ցեալները ամբողջ օր մը կը նուիրուէին ինքնապատրաս­տութեան աշխատանքին, վառ հաւատքով դիմաւորելու համար յաջորդ օրուան մեծ Խորհուրդը: Այսօր դժբախտաբար մենք կորսնցուցած ենք երկու բան, որ անցեալին պատկանող գեղեցիկ երկու երեւոյթներ էին.-

1) Անցեալին Ճրագալոյցի Պատարագին ներկայ եղող իւրա­քանչիւր հաւատացեալի վառած մոմ մը կը տրուէր, որ իրեն հետ տուն կը տանէր, եւ որ պիտի յիշեցնէր իրեն` իր հաւատքի կրակը վառ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ, մոմը վառելով ու հետը տանելով, խոստովանած ու յայտարարած կ’ըլլայ, թէ ինք Քրիստոսով լուսաւորուած անձ մըն է, եւ թէ ինք, կ’ընդունի Քրիստոսը իբրեւ լոյսը իր կեանքին:

Ինքզինք Քրիստոսի հաւատացող նկատող ամէն անձ, պէտք է ամէն Ճրագալոյցի առիթով, ինքզինք քննէ, եւ ջանայ իր հաւատքի մոմը, այլ խօսքով` կրակը միշտ վա´ռ պահել, արծարծ պահել: Հաւատքի կրակը ժամանակի ընթացքին կրնայ տկարանալ, ահա թէ ինչո´ւ շատ կարեւոր է որ ժամանակ առ ժամանակ քննութենէ անցնենք մենք զմեզ, տեսնելու համար թէ արդեօք նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞նք. թէպէտ նոյն հաւատքին մէջ մնալն ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ հաւատացեալը տեղքայլ պէտք չէ ընէ իր հաւատքի կեանքին մէջ, այլ պէտք է աճի, մեծնայ, զօրանայ ու հասուննայ իր հաւատքին մէջ: Իր հաւատքին մէջ տեղքայլ ընող մարդը` ժամանակի ընթացքին անպայման որ նահանջ պիտի արձանագրէ իր հաւատքին մէջ: Հաւատքը այնպիսի բան մըն է, որ պէտք է միշտ աճի: Հայրերէն մին ըսած է. «Այն օրը որ դադրիս հաւատքիդ մէջ աճելէ` կը սկսիս ետ երթալ հաւատքիդ մէջ»:

2) Ըսինք, թէ անցեալին Ճրագալոյց կը կոչուէր սուրբ Ծնունդն ու սուրբ Զատիկը կանխող ամբողջ օրը, եւ այդ օրը կը յատկացուէր ինքնա­պատրաստութեան` յաջորդ օրուայ մեծ խորհուրդին համար: Ամէն հաւատացեալ Ճրագալոյցի պատարագները պէտք է առիթ դարձնէ ինքնապատրաստութեան, իսկ ինքնապատրաստութիւնը կ’ըլլայ` մեղքերու խոստովանութեամբ, արտասուալից աղօթքով, եւ աղքատներուն տրուած ողորմութիւններով: Շատերու կեանքին մէջ ո´չ Քրիստոսի ծնունդը եւ ո´չ ալ անոր յարութիւնը փոփոխութիւն կը բերեն կամ կրնան բերել, որովհետեւ անոնք հոգե­պէս չեն պատրաստուիր:

Որպէսզի մանուկ Յիսուսը ծնի մեր սրտին մէջ` պէտք է հեռացնենք մեր սրտէն մեղքը. եւ որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին յարութիւն առնենք նոր կեանքի համար` պէտք է մեր մեղանչական բնութիւնը Քրիստոսի խաչակից դարձնենք:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան