ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ՝
«ՄԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ՓՈՔՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ» Տեառնընդառաջի տօնը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ծնողներուն ու մանուկներուն մօտ, որոնք Քրիստոսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի տօնին խորհուրդով իրենց հաւատքը կ’ամրապնդեն: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած…