ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2015-ին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեան անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուեցան Հայկական Բանակի օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 23-ամեակին նուիրուած՝ «Ծաղկիր իմ երկիր, ես քո զինուորն եմ» տօնական համերգին: Համերգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետները ընթրիքի հիւրը եղան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Բանակի օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը և Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հ. Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակո Սահակեանի հետ եւ Հ.Հ. բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այսօր այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: