ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչակտան հիմնադրամին թիւ 12-րդ հրատարակութիւնը՝ «Սփիւռք եւ ինքնութիւն» հատորը, խմբագրութիւն՝ Շահան Գանտահարեանի։

Հատորը կ’ամփոփէ հա­մա­նուն թեմայով կազմակերպուած եւ յատկապէս սփիւռ­քա­հայու ինքնահասկացողութեան յատկաց­ուած համագումարին ներկայացուած զեկուցումները։

Համագումարը կը նա­խագահէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ներ­կայութեամբ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ 30 մասնա­կիցներու։

Այդ զեկուցումները ունին թէ՛ գիտահետա­զօտական եւ թէ՛ հրապարակագ­րա­կան բնոյթ. բո­վան­դակութեան բանաձեւը` գիտամատչելի։