1 Հոկտեմբերի, 2018

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 25-րդ հրատարակութիւնը՝ Յակոբ Պալեանի «Արմատներու որոնում» վէպը։

 

Սիրային վէպ մը ըլլալէ աւելի՝ պատմութիւնն է Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ հասակ առնող հայորդիներուն, որոնք նօրօրեայ կեանքի պայմաններուն տակ, ընթացքին մէջն են օտարացման, ձուլման։ Անոնց ծնողները գաղթականներ չեն, բայց արթուն է իրենց մէջ յիշողութիւնը։ Թաղային շրջանակը օղակած է զիրենք ազգային պատկանելիութեան զգացողութեան, գիտակցութեան, մինչ նորերը, աւելի լայն, սահմանազերծ աշխարհի մը մէջ՝ ինքնահաստատումով, քաղաքացիի իրաւասութիւններով, ծննդավայրը կը փոխարինեն հայրենիքով, ծագումի աղօտ գիտակցութիւն մը պահելով իրենց մէջ։

More News