2023-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2023 տարուան եկեղեցական գրպանի օրացոյցը։

 

Եկեղեցական օրացոյցը կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։

 

Օրացոյցի սկզբնաւորութեան, Հայրապետական պաշտօնական լուսանկարէն ետք, տեղադրուած են «Աղբիւր կենաց» շարականը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, համառօտագրութիւններ ու ծանօթագրութիւններ, Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան համար արգիլուած օրերու եւ եկեղեցական տօներու ցանկերը։

 

Օրացոյցի աւարտին, «Մաղթերգ Հայրապետական»էն ետք, զետեղուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան եւ Դպրեվանքի ուսանողութեան անուանացանկերը, թեմերը ու անոնց հասցէակապերը, Կաթողիկոսարանի վարչական կառոյցին մաս կազմող մարմիններու պատկերը, Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին եւ Կաթողիկոսարանի ու Դպրեվանքի պաշտօնէութեան անուանացանկը։

 

Նշենք, որ եկեղեցական օրացոյցը պատրաստեց Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեանը։

 

Քաջալերելի է, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ունենայ այս օրացոյցը, իբրեւ ուղեցոյց իր հոգեւոր կեանքին։

 

Օրացոյցը կրնաք գնել այցելելով Կաթողիկոսարանի գրատուն կամ կայքէջ՝ www.ciliciabookstore.com: