Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ “Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation” «Օրինական Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման» հատորը:
Սոյն հատորին մէջ ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարին նիւթերն ու դասախօսութիւնները: Երկօրեայ այս համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան երեսուն միջազգային օրէնքի եւ ցեղասպանութեան մասնագէտներ, տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ 23-25 Փետրուար 2012-ին, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Անգլերէն սոյն հատորը, վերահրատարակութիւնն է “International Criminal Law Review”ի 2014 թուականին լոյս տեսած բացառիկ թիւին, որ կը ներառնէ վերոյիշեալ համագումարին մասնակից մասնագէտներուն դասախօսութիւնները: Խմբագրութիւնը կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Henry Theriault, իսկ ներածականը գրուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
“International Criminal Law Review”-ն միջազգային ճանաչում վայելող հրատարակութիւն մըն է: Հետեւաբար, այս նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, մեծ հետաքրքրութիւն կրնայ յառաջացնել միջազգային օրէնքով ու ցեղասպանութեամբ զբաղող շրջանակներէ ներս:
Նշենք, որ վերոնշեալ համագումարի ընթացքին եւ անոր լոյսին տակ Վեհափառ Հայրապետին մտքին մէջ սկսաւ խմորուիլ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գաղափարը: Մասնագէտներու ու իրաւաբաններու հետ առաւել քան երեք տարիներու խորհրդակցութիւններէ եւ աշխատանքային հանդիպումներէ ետք, 28 Ապրիլ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: