ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ
28 Ապրիլ-1 Մայիս 2015-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, Պոսէի Միջ-եկեղեցական Կազմաւորման իր կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, հրաւիրած էր անդամ եկեղեցիներու միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց շուրջ 40 պատասխանատուներ: Սոյն ժողովը, որ կը գումարուի երկու տարին անգամ մը, նպատակ ունի իրազեկ դարձնել եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Խորհուրդին տարած աշխատանքներուն, ծանօթանալու եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող միջ-եկեղեցական գործունէութեանց եւ սերտացնել եկեղեցիներուն ու Խորհուրդին գործակցութիւնը: Յանուն Մեծի…