Հինգշաբթի, 12 Յունուար 2023-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն՝ Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսած «Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» հատորին շնորհահանդէսը։ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, շնորհահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը՝ տնօրէն «Կիլիկիա» Մատենադարանի, Ձեռագիրներու եւ Հնատիպերու բաժանմունքներու։
Այս հատորի խմբագիրն է Արմէն Մալխասեանը, Մատենադարանի արխիւներու բաժնի գիտաշխատողներուն ջանասիրութեամբ։ Յիշեալ հատորին յառաջաբանը գրած է Շահան Արքեպիսկոպոս։ Սրբազան հօր հաւաստիացմամբ, հատորը ունի աղբիւրագիտական մեծ արժէք: Ան կը նկարագրէ 1905-1915 թուականներուն հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Ատանայի թեմին ներքին կեանքը, դժուարութիւնները, տագնապները, Կիլիկիոյ մէջ մեր գոյութեան ու գործունէութեան ապացոյցները: Արխիւագիտական առումով այս հատորը կարեւոր սկզբնաղբիւր է նաեւ հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան ուսումնասիրման համար: Այդտեղ կը տեսնենք Ազգային Սահմանադրութեան կիրարկումին տարբեր արտայայտութիւններ: «Ատենագրութիւն»ը կը ներկայացնէ համայնքային ու ազգային կեանքը կազմակերպելու ձեւերը: Սրբազանը ելոյթի ընթացքին, յանուն Վեհափառ Հայրապետին, իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցան գիրքի հրատարակութեան մէջ: Սոյն հատորը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական թեմերու արխիւային առաջին հատորն է, որ լոյս ընծայուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանի Հին Ձեռագրերու հիմնարկին գործակցութեամբ եւ «Փիւնիկ» Համահայկական Հիմնադրամի ազնիւ մեկենասութեամբ։