ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ գումարուող միջ-թեմական երիտասարդական համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն, 14 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած երիտասարդները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Նորին Սրբութիւնը բարիգալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն, լուսարձակի տակ առաւ սոյն…