Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ
Քուէյթի Հայոց Թեմին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական արարողութիւնը։ Արդարեւ, միջ-եկեղեցական արարողութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Քուէյթի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ գլխաւորութեամբ Քուէյթի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի պապական նուիրակ՝ Ֆրանչիսկոս Մօնթէսիլլօ Բատիլլա Արքեպիսկոպոսին։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը…