ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԲԱՆ ԽՐԱՏՈՒ ՎԱՍՆ ՈՒՂԻՂ ՀԱՒԱՏՈՅ ԵՒ ՄԱՔՈՒՐ ՎԱՐՈՒՑ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ» ԳԻՐՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի եւ Երեւանի «Անկյունաքար» հրատարակչատուներէն լոյս տեսած է Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի աշխատութիւնը՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի Բան Խրատու Վասն Ուղիղ Հաւատոյ եւ Մաքուր Վարուց Առաքինութեան» —  «Խրատ Ուղիղ Հաւատքի եւ Առաքինի Մաքուր Վարքի» — “St. Gregory of Narek Instruction on the Orthodox Faith and Virtuous and Pure Life” վերնագրով։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ իրականացած այս հրատարակութիւնը ձօնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ յերախտագիտութիւն 2015 թուականին Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ» հռչակելուն։

 

Երկլեզու այս գիրքը՝ հայերէն եւ անգլերէն, կը ներկայացնէ սուրբ վարդապետ՝ Յոքներանեան Մենաւոր Գրիգորի եւ Երանաւէտ Ճգնաւորի «Խրատ»ը եւ «Խրատ»ին քննական մօտեցումն ու աշխատութեան եզրակացութիւնը։

 

Ներածականին մէջ հեղինակը կը գրէ, որ Նարեկացիին «Խրատ»ը իր յատուկ տեղի ունի Հայ եկեղեցւոյ խրատաբանական գրականութեան մէջ, որովհետեւ կը պարզաբանէ ուղղափառ հաւատքը, կը մանրամասնէ Ընդհանրական եկեղեցիին վարդապետութեան կենսական երեսները, կ՚ընդգծէ ուղղափառ հաւատքի եւ առաքինի գործերու փոխառնչութիւնը՝ որպէս քրիստոնէական կեանքի պտղաբերումին ամբողջացուցիչ տարր, կը վերահասատատէ մարդ արարածին բարոյական էակ ըլլալն ու այսպիսով աստուածահաճոյ եւ քրիստոսատիպ կեանք ապրելու կարողութիւնը եւ կ՚ուրուագծէ հինգ զգայարաններուն գործածութեան կերպը՝ որպէս նախապայման Քրիստոսի պարգեւած փառքի ժառանգութեան։ Հեղինակը կը նշէ նաեւ, որ «Խրատ»ը կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ որպէս ուղեցոյց կրնայ ծառայել աստուածահաճոյ կենցաղավարութեան ձգտողներուն համար։