Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի ՙԺամանակ ու Ոգի՚ հատորը

Սեպտեմբեր 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի 480 էջերէ բաղկացած «Ժամանակ եւ ոգի» խորագրեալ հատորը։

 

Սոյն հատորը իր մէջ կը համախմբէ Անանեանի բազմաբնոյթ գրութիւնները՝ որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ եւ Հայ յանձնառու մտաւորական։ Հատորը իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման յաջորդած տարիները՝ «իրենց պատմաքաղաքական, ազգային, մշակութային, գրական, ընկերային եւ տնտեսական փոթորկայոյզ վերիվայրումներով, հիմնահարցերով, տագնապներով եւ իրագործումներով։ Կարճ ըսած՝ ժամանակահատուածի մը ցաւով, տագնապով, կիրքով, հաւատքով եւ մեծ երազներով հիւսուած ոգեկան վկայագրութիւնը, որուն համար Լ. Անանեանի այս գրութիւնները կը կարդացուին ժամանակահունչ ջերմութեամբ եւ բացառիկ հաճոյքով»։ Սոյն հատորին խմբագիրն է՝ Սարգիս Կիրակոսեան։