ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, իր հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, ընդհանուր վերանորոգման ու վերադասաւորման ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներու ընթացքին: Կատարուած ծախսերուն բարերարութիւնը ստանձնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ տիար Կարօ եւ տիկին Սօսի Էշկիեան ամոլը: Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2020-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, «Կիլիկիա» թանգարանի…