ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՃԱՄԲՈՎ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։   Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին շուրջ եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին։   Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց,…

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՆԱԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿՐԵՑ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐ

Այսօր յետ միջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած հսկայ պայթումին հետեւանքով Անթիլիասի Մայրավանքը եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր Տաճարի դռները, ջահերը, պատուհանները, նոյնպէս՝ Վեհարանի, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարանի:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երբ իմացաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին, կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ եւ քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասեր:   Նորին Սրբութունը Պուրճ Համմուտի քաղաքապետին եւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջեցաւ հայահոծ թաղերը, հանդիպում ունեցաւ վիրաւոր հայորդիներու հետ, օրհնեց զանոնք ու բարի…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՏԻԳՐԱՆ ՄԿՈՒՆԴԻ «ԱՄԻՏԱՅԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ» ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու մատենաշարով ցարդ լոյս տեսած են վերահրատարակուած 14 հատորներ, որոնք կարելի է գտնել առցանց։   Վերահրատարակութիւնները այժմ կը շարունակուին ելեկտրոնային տարբերակով։ Շարքին 15-րդ գիրքը կը հանդիսանայ Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանգներ» աշխատասիրութեան առցանց հրատարակութիւնը, որ կարելի է գտնել Կաթողիկոսարանիս գրատան կայքէջին վրայ՝ www.ciliciabookstore.com