ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ՏՕՆԷ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ
Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ Ծննդեան եւ նոր տարուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։ Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն անմիջապէս ետք, միութեան ատենապետը՝ Բարշ. Կարէն Կիս. Սրկ. Եօսուլքանեան, յանուն ՀԵՀՈՄ-ականներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որմէ ետք ՀԵՀՈՄ-ական Ռիթա Աստիքեանը ջութակով ելոյթ մը ունեցաւ՝ ճոխացնելով…