7 July, 2023

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ» ԱՂՕԹԱԳԻՐՔԸ

Հաւատացեալներու սրտամօտիկ «Կիպրիանոս» աղօթագիրքը չորրորդ հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։

 

Աղօթագիրքը կը վերահրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Չելլիքեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ Վահան եւ Յասմիկ Չելլիքեաններուն։

 

«Կիպրիանոս» կը պարունակէ զանազան աղօթքներ, «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, Աւետարանէն հատուածներ եւ Քրիսոտոսի հրաշագործութիւններէն դրուագներ։

 

Գրպանի չափով տպուած սոյն հրատարակութիւնը կը գտնէք Կաթողոկոսարանի գրատունը եւ առցանց՝ www.ciliciabookstore.com հասցէով։