«ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԱՆԱՅԻ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մաշտոցի Անուան Հին Ձեռագրերու Մատենադարան Ինստիտուտի գործակցութեամբ, Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորը, խմբագրութեամբ Արմէն Մալխասեանի։

 

Ա. Մալխասեանի, Ա. Աստոյեանի, Ա. Աւետիսեանի, Ա. Ֆահրադեանի եւ Լ. Դաւթեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած յիշեալ հատորը կ՚ընդգրկէ 2 Մարտ 1905-էն 10 Ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի Ատանայի Քաղաքական Ժողովի ատենագրութիւնները, որոնք բացառիկ փաստագիրներ են Ատանայի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան հովանիին ներքեւ ապրող բնակչութեան ազգային կեանքը արտացոլող եւ Ատանայի հայութեան ժողովրդավարութեան մակարդակի մասին վկայող։ Գիրքը կը պարունակէ Կրօնական Ժողովի եւ Տնտեսական Խորհուրդի խառն նիստերու ատենագրութիւններէն։

 

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ստորագրած է հատորին յառաջաբանը, որուն մէջ ան կը նշէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարչական կարեւորագոյն շրջաններէն Ատանայի Հայոց Թեմի վերաբերող սոյն հատորը մեր ժողովուրդի անցեալ դարասկիզբի պատմութեան ուսումնասիրութեան վերաշխուժացում եւ ինքնաքննութեան նոր առիթ մըն է։ Վեհափառ Հայրապետը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով վերարժեւորելով հաւաքական յիշողութեան վերաբերեալ աշխատասիրութիւնները, որոնք յուշամատեանի տիպի տակ կը դառնան պատմական փաստ եւ նոր պատմութեան մշակման համար ատաղձ, տնօրինեց յուշամատեաններու վերահրատարակութիւնը։ Նոյն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան Կաթողիկոսարանի արխիւատան վերադասաւորում եւ անտիպ կարեւոր փաստաթուղթերու հրատարակութեան պատրաստութեան աշխատանքներ։ Իսկ այս հատորը անդրանիկ պտուղն է վերոնշեալ աշխատանքներուն վերաբերող հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն՝ Մաշտոցեան Մատենադարանին հետ կայացած փոխըմբռնման համաձայնութեան։

 

Ծաւալուն հատորի վերջաւորութեան կը գտնուին ծանօթագրութիւններ, ինչպէս նաեւ անձնանուններու, տեղաննուններու, բանալի բառերու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր։

 

Ատանայի վերաբերող սոյն հատորը հրատարակուեցաւ «Փիւնիկ» Համահայկական Հիմնադրամի ազնիւ մեկենասութեամբ։