ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՏԻ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՀԵՏ
Այս երեկոյ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի հետ։ Հանդիպման մասնակցեցան Տի Միսթուրայի երկու գլխաւոր օգնականները, իսկ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչ Տիկ. Թենի Սիմոնեան։ Հանդիպումը…