ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 39-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ
ԱՐԺԷ՛Ք է ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 39-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին։ Հայ գիրքի 39-րդ ցուցահանդէսը բացուած կը յայտարարեմ՝ մեր ժողովուրդի պատմութենէն մեզի փոխանցուած անհերքելի ճշմարտութիւն մը վերահաստատելով, թէ՝ ԱՐԺԷ՛Ք է հայ…