Փոքր Հայքի քաղաքներէն Արաբկիրը կառուցուած է Վասպուրականէն Սեբաստիա գաղթած հայերու կողմէ, 1021-22-ին: Ան կը գտնուի Մելիտինէէն 70 քիլոմեթր հիւսիս, Եփրատ գետի վտակ Արաբկիրի ափին, Անտիտաւրոսի ստորոտին: Ան հանդիսացած է Սեբաստիոյ նահանգի գաւառներէն մէկուն կեդրոնը, յետոյ մաս կազմած է, յաջորդաբար, Մալաթիոյ եւ Խարբերդի նահանգներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններ»ու վերահրատարակութեան շարքը կը շարունակուի:
Հերթը եկած է «Պամութիւն Հայոց Արաբկիրի» հատորին, որուն առաջին տպագրութիւնը կատարուած է 1969-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Հատորը կազմած եւ երկասիրած է գրող, մտաւորական եւ խմբագիր Անդրանիկ Լ. Փոլատեան:
Վերահրատարակութեան պատասխանատուները նկատի ունենալով հատորին հսկայական ծաւալը (1510 էջ), յարմար դատած են զայն վերածել երկու հատորի: Առաջին հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն՝ Արաբկիր անունին ծագումը, Արաբկիրի նահանգը, գաւառը, քաղաքը, բնակչութիւնը եւ վկայութիւններ անոր մասին: Առանձին մասերով կը ներկայացուին Արաբկիրի 15 գիւղերը, տնտեսական կեանքը, ընտանեկան եւ ընկերային բարքերը, երաժշտութիւնը, ժողովրդական բանահիւսութիւնը, գաւառաբարբառը եւ կրօնական-եկեղեցական կեանքը:
Երկրորդ հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն՝ Արաբկիրի կրթական-մշակութային կեանքը, կուսակցութիւնները Արաբկիրի մէջ, արիւնոտ թուականներ, դէմքեր եւ դէպքեր, Արաբկիրի զաւակները, Արաբկիրցիական գաղթօճախներ եւ Արաբկիրի հայրենակցական միութիւնն ու մասնաճիւղերը: Վերջին մասով տրուած է արդի Հայաստանի մէջ նոր Արաբկիրի հիմնադրութեան պատմութիւնը:
Ինչպէս աւանդութիւն դարձած է, Բ. հատորի աւարտին կը գտնենք տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկ, մատենագիտութիւն, քարտէսներու եւ նկարներու ցանկ:
Այս զոյգ հատորներու վերահրատարակութիւնը կատարուած է ի յիշատակ բնիկ արաբկիրցի Յովհաննէս Ճիէրճեանի (1863-1934): Վերահրատարակութեան խմբագիր՝ Ժիրայր Դանիէլեան:
«Պամութիւն Հայոց Արաբկիրի»ի զոյգ հատորներու վերահրատարակութեամբ՝ «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» շարքով լոյս ընծայուածներուն թիւը հասած կ’ըլլայ 13-ի:
Եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի մէջ 1925-ի Նոյեմբերին հիմնադրուած Նոր Արաբկիրը վերակենդանացուց հին Արաբկիրը, միւս կողմէ՝ այս զոյգ հատորները կու գան դառնալու յուշարձաններ՝ անմառ պահելու յիշատակը հազարաւոր արաբկիրցի նահատակներու եւ ի սփիւռս աշխարհի ցիրուցան եղած արմատախիլ արաբկիրցիներու: