ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 39-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ

ԱՐԺԷ՛Ք է ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ

 

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 39-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավան­քին մէջ, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին։

 

 

Հայ գիրքի 39-րդ ցուցահանդէսը բացուած կը յայտարարեմ՝ մեր ժողովուրդի պատմութենէն մեզի փոխանցուած անհերքելի ճշմարտութիւն մը վերահաստատելով, թէ՝ ԱՐԺԷ՛Ք է հայ գիրքը հայուն համար։

 

Արժէքը իր ընդհանուր սահմանումով կը բնութագրէ մարդկային կեանքին մէջ սովորականէն անդին՝ նուիրական նշանակութիւն ու իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող յատկապէս բարոյական, իմացական կամ գեղարուեստական, խորհրդանիշ մը, իտէալ մը, տեսլական մը՝ իրի մը, երեւոյթի կամ անձի մը ճամբով արտայայտուող։

 

Արժէքներն են որ կ᾽առաջնորդեն անհատի մը, կազմակերպութեան մը կամ ընկերութեան մը կեանքը, կը մարմնաւորեն անոնց ինքնութիւնը ու կ᾽երաշխաւորեն անոնց յաւերժութիւնը։ Արդ, առանց արժէքներու կենսագործող առկայութեան, մարդկային կեանքը դատապարտուած է կորսնցնելու իր որակն ու խորքը, իւրայատկութիւնն ու ուղղութիւնը։ Քրիստոս ըսաւ. ուր որ ձեր գանձը կը գտնուի, հո՛ն թող ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը։ Այլ խօսքով, մարդը իր կեանքին մէջ ինչ որ կը դաւանի որպէս արժէք, անոր կառչած պէտք է մնայ հաւատարմօրէն։

 

Մարդկային հասարակաց ու ընդհանրական արժէքներուն առընթեր, իւրաքանչիւր կրօն կամ ազգ ունի իր արժէքներու համակարգը։ Քրիստոնէութեան հաւատքը, սկզբունքներն ու ուսուցումները իր կեանքին միախառնած հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն մեր բարոյական ու  հոգեմտաւոր արժէքները ու անոնց պաշտպան դարձած եկեղեցին, հայրենիքը, մշակոյթը, լեզուն ու ընտանիքը։ Այս արժէքներն են, որոնք մեր ժողովուրդի գոյապայքարը լիցքաւորեցին հաւատքով  ու վճռակամութեամբ ու անոր առջեւ բացին յաւերժութեան ճանապարհը։

 

Մեր ժողովուրդին համար մշակութային արժէքներու շարքին իր ուրոյն տեղն ու դերը ունի հայ գիրքը։

 

Արժէ՛ք եղած է հայ գիրքը երբ տակաւին մագաղաթ էր, ձեռագիր էր ու հնատիպ։

 

Արժէ՛ք է հայ գիրքը, նաեւ այսօ՛ր ու միշտ, որովհետեւ ան սոսկ թուղթ ու մելան չէ, այլ՝ մեր հաւաքական յիշողութեան գանձարանը։

 

Արժէ՛ք է հայ գիրքը, որովհետեւ անոր էջերը շաղախուած են մեր մայրենի լեզուով ու անոր բառերուն մէջէն կը ժայթքեն հայու կանչն ու տագնապը, երգն ու վէրքը։

 

Արժէ՛ք է հայ գիրքը, որովհետեւ ան պերճախօս հանդիսարանն է մեր իմացական թռիչքներուն ու հոգեմտաւոր երկունքներուն։

 

Արժէ՛ք է հայ գիրքը, որովհետեւ հոն ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւն են մեր “սրբութիւն սրբոց”ները, Հայաստանը, եկեղեցին ու մեր ազգը ամբողջ՝ իրենց անցեալով, ներկայով ու ապագայով։

 

Արժէ՛ք է հայ գիրքը, որովհետեւ հայօրէն կը շնչէ ու կը շնչաւորէ մեզ, դառնալով մշակոյթ՝ հոն ուր բացակայ է մշակոյթը, եկեղեցի՝  հոն ուր ներկայ չէ եկեղեցին, հայրենիք՝ հոն ուր չկայ հայրենիք։

 

Արդ, հայուն համար գերազանցօրէն արժէ՛ք դարձած՝

 

Հայ գիրքին հարկ է մօտենալ խոր գիտակցութեամբ, երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ։

 

Հեռու մնալ հայ գիրքէն՝ կը նշանակէ հեռու մնալ հայ եկեղեցիէն, հայ մշակոյթէն, հայ լեզուէն, Հայաստանէն։

 

Հեռու մնալ հայ գիրքէն՝ կը նշանակէ հեռու մնալ հայութենէն…։

 

Կ᾽ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր արժէքներու համակարգն ու անոնց  արժեչափը սկսած են խախտիլ։

 

Կ᾽ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր համաշխարհայնացած ու աշխարհայնացած մշակոյթը սկսած է երկիրը հեռացնել երկինքէն, մարդը՝ Աստուծմէ եւ Աստուծոյ պատկերը կրող մարդը իր հարազատ էութենէն ու կոչումէն։

 

Կ᾽ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր հոգեւոր, բարոյական ու իմացական արժէքները սկսած են նահանջել՝ նիւթով ու հաճոյքով, շահով ու փառքով տիրապետուած ու պայմանաւորուած մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու դիմաց։

 

Ներկայ աշխարհը արժէքներու իր նոր համակարգով փաստօրէն սկսած է խոր վիհ մը գոյաւորել մարդուն եւ գիրքին միջեւ։

 

Վերջերս, Զուիցերիոյ մէջ, տարիներու սովորութեանս համաձայն, այցելեցի քաղաքին գրախանութը։ Սննդեղէնի եւ գիրքի ընդարձակ կեդրոնները կը գտնուէին իրարու կից։ Առաջինը կը յորդէր յաճախորդներով. իսկ գրախանութին մէջ կար միայն մէկ հոգի… (դժբախտաբար նո՛յն կացութիւնը կը պարզեն Աստուծոյ խօսքը տարածելու կոչուած արեւմտեան աշխարհի հսկայ տաճարները…)։

 

Յիշեալ խորապէս ցաւալի ու մտահոգիչ պատկերը սկսած է պարզուիլ նա՛եւ հայ կեանքէն ներս եւ ահաւոր անտարբերութիւն մը հայ գիրքին նկատմամբ, սկսած է զգալի դառնալ ամենուրէք։

 

Հայ մարդը պէտք է անդրադառնայ թէ՝ արժէ՛ք է հայ գիրքը, ոգեղէն ու իմացական արժէք։

Առանց հայ գիրքին, հայ լեզուն պիտի նահանջէ։

 

Առանց հայ գիրքին, մեր իմացական աշխարհը պիտի աղքատանայ։

 

Առանց հայ գիրքին, հայ կեանքին երկնակամարը պիտի մթագնի։

 

Հայ մարդը պէտք է անդրադառնայ թէ՝ հայ գիրքին բացուիլ կը նշանակէ հայութեա՛մբ լեցուիլ, հայութեա՛մբ հարստանալ ու հզօրանալ՝ ինքնութիւն գունաթափող ներկայ աշխարհին մէջ։

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

11 Նոյեմբեր 2018

Անթիլիաս, Լիբանան