17 June, 2013

Դպրեվանքի նորահաստատ երիզաշարը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը գտնուի Պիքֆայայի բարձունքին, ուր զանազան հայագաղութներէ եկած հայ պատանիներ ու երիտասարդներ ուսում եւ հայեցի կրթութիւն կը ստանան, հոգեպէս եւ բարոյապէս կը թրծուին ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրուելու կը պատրաստուին:

 

Դպրեվանքը մեկուսացած պարզ գիշերօթիկ մը չէ, այլ ան 1930-էն ի վեր կը դարբնէ այնպիսի նուիրեալ մտաւորականներ եւ հոգեւորականներ, որոնք ամբողջական նուիրումով մեր ժողովուրդին կ’երթան: Անոնք աշխատանքի եւ ծառայութեան ոգին կ’առնեն Դպրեվանքէն եւ մեր ազգին երթալով` հայ ժողովուրդը դէպի Աստուած կ’առաջնորդեն:

 

Դպրեվանքին գլխաւոր նպատակը հայակերտումն է, որ երկու հանգրուաններով կ’իրագործուի: Դպրեվանեցիներ, նախ ժառանգաւորաց բաժնին մէջ, մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ իմացական գանձերուն ժառանգորդը կը դառնան եւ ապա, ընծայարանի բաժնին մէջ, իրենց անձնդիր ընծայման նախաքայլերը կ’առնեն։

 

Դպրեվանեցիներ արդէն իսկ իրենց առաքելութեան կը լծուին երբ ընծայարանական կը դառնան: Ընծայարանականներ պարտաւոր կը զգան Դպրեվանքէն իրենց ստացածը մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցելու: Անոնք հոգեւոր խորհրդածութիւններ կ’ընեն, եկեղեցիներ ու հայկական դպրոցներ կ’այցելեն եւ քարոզներ ու դասախօսութիւններ կու տան:

 

Վերջին երկու տարեշրջաններու ընթացքին, Լիբանանի Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Մեծ Պահքի ընթացքին, աւարտական չորրորդ ընծայարանի աւագ սարկաւագներ քարոզեցին, իսկ սարկաւագներ եւ կիսա-սարկաւագներ իրենց հոգեւոր խորհրդածութիւնները սփռեցին «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն։

 

Դպրեվանքը Լիբանանէն անդին տանելու համար, 2011-2012 տարեշրջանի տեսչութեան նոր նախաձեռնութիւններէն մին հանդիսացաւ Դպրեվանքի երիզաշարի հաստատումը։

 

Անցեալ տարեշրջանին այս երիզաշարով մեր ժողովուրդին հրամցուեցան DVD մը եւ CD մը։ DVD-ն կը կոչուէր «Դպրեվանք – Կրօնի հուրն եւ ազգի սէրն» եւ կը ներկայացնէր Դպրեվանքին մէջ ապրող, աղօթող, ուսանող եւ կազմաւորուող սաներուն առօրեան։ Իսկ CD-ն կը ներառէր Դպրեվանքի սաներուն կողմէ երգուած չորս ժամերգութիւններ եւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն սփռուած «Քրիստոնէական աստուածպաշտութիւը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբ պատարագը» շարքը, որ նաեւ ունէր իր համապատասխան գրքոյկը, պատրաստուած Դպրեվանքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին կողմէ։

 

2012-2013 տարեշրջանի աւարտին DVD մը եւ CD մը եւս կը տրամադրուին մեր ժողովուրդին։ DVD-ն Դպրեվանքի սաներուն կողմէ կատարուած եւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն սփռուած շարք մըն է, որ Մեծ Պահքի հասկացողութիւնը կը բացատրէ։ Իսկ CD-ն կը փոխանցէ Դպրեվանքի Տեսուչին հետ Փարիզի «Այբ Էֆ Էմ» ռատիոկայանի հարցազրոյցը եւ Դպրեվանքի սաներուն «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի «Եկեղեցին հայկական» յայտագրի հարցազրոյցները, որոնք Դպրեվանքի մասին դպրեվանեցներուն ըմբռնողութիւնը կը պատմեն։

 

Դպրեվանքի երիզաշարի չորս DVD/CD-ները կարելի է ստանալ Անթիլիասի Մայրավանքի գրատունէն կամ Դպրեվանքի տեսչութենէն։

 

Ահա այսպիսով Դպրեվանքը առաւել պիտի բացուի հայաշխարհին եւ մեր ժողովուրդի տուներէն ներս պիտի մտնէ, որպէսզի հայորդիներ աւելի մօտէն շփում ունենան Դպրեվանքին հետ եւ թերեւս փափաքին նաեւ դպրեվանեցիներ դառնալ:

 

Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայ ծնողներ իրենց ամենէն ուշիմ զաւակը Դպրեվանք ղրկէին այն հաստատ համոզումով, որ ան օր մը պիտի երթար մեր մեծ ընտանիքին՝ Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան:

 

Վիգէն Աւ. Սրկ. Քիւրքլեան

More News