Ճիշդ տարի մը առաջ (2021 Հոկտեմբերի կիսուն), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն, լոյս տեսաւ ՀԱՍԿի Գերմանիոյ մեր աշխատակից դոկտ. Սարգիս Քէհեաեանի բարոյագիտութեան վերաբերեալ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ — փիլիսոփայական ակնարկ —» արժէքաւոր գիրքը, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին։
632 էջնոց հատորը կը բովանդակէ յառաջաբան մը, վերջաբան մը եւ հետեւեալ տասը մասերը.-
- Ներածութիւն,
- Բարոյագիտութեան պատմութիւն,
- Մետա-Բարոյագիտութիւն,
- Բարոյագիտութեան հիմնաւորում,
- Բարոյագիտութեան տեսութիւններ,
- Բարոյագիտութեան քննադատութիւն,
- Կիրառական բարոյագիտութիւն,
- Արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեան բարոյագիտութիւն,
- Բարոյագիտութեան հիմնական հասկացութիւններ (թիւով՝ 33) եւ
- Յաւելուած, ուր կը ներկայացուին՝ 255 անուններու ցանկ մը եւ 1430 եզրերու բառացանկ մը։
Ներկայանալի եւ համայնագիտարանի բնոյթ կրող այս գիրքը, որպէս ուսումնաօժանդակ ձեռնարկ հասցէագրուած է հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս բարոյագիտութեամբ հետաքրքրուող ընթերցասէր հասարակութեան։
Այս հրատարակութեան մասին, իր ժամանակին, գրախօսականով արտայայտուած է նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանէն փրոֆ. Սէյրան Զաքարեանը (տե՛ս ՀԱՍԿի 2021 Նոյ․- Դեկտ․ համարը)։
Գիրքը կարելի է ձեռք բերել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն կամ այցելելով www.ciliciabookstore.com կայքը, ինչպէս նաեւ դիմելով հեղինակին՝ [email protected]։