ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Վերջին տարիներուն, հանրութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի դիւրին ընթեռնելի, պարզ լեզուով ու ամփոփ, եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիւրամատչելի, սակայն միաժամանակ համապարփակ կերպով գրուած Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ շնորհիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, զոր գրուած է անգլերէն լեզուով՝ “The Armenian Church” եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու՝ ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի։

 

Արդարեւ, ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ վերջերս Վեհափառ Հայրապետին վերոյիշեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւս հրատարակուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն, եւ այսպիսով գիրքը տրամադրելի է 5 լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն եւ պարսկերէն)։ Թարգմանական ամբողջական ու աստուածաբանական բառամթերքով լի մասնագիտական աշխատութիւնը կատարած է Հալէպի ազգայիններէն Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։

 

Այս առիթով նաեւ յայտնենք, թէ Հայրապետին գիրքին գերմաներէն ու յունարէն թարգմանութիւնները պատրաստ են եւ շուտով պիտի լոյս տեսնեն։