21 September, 2017

Նոր Հրատարակութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի 90-րդ հատորը՝ «Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ. փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածու» Բ. հատոր։ Գործին խմբագիրն է Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գոհար Աւագեանը։

 

Հատորը կը պարունակէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի արխիւները, որոնք կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլկիիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւատան մէջ։ Հատորին մէջ նաեւ ներառուած են երջանկայիշատակ Կաթողիկոսին առաքած եւ ստացած նամակները հոգեւորականներու, գիտնականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, հասարակական գործիչներու, բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու հետ։ Փաստաթուղթերը կը վերաբերին հայ ժողովուրդին եւ հայոց պատմութեան, յատկապէս 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն, առանցքային հարցերուն, ինչպէս նաեւ առիթ կ՚ընծայեն Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին գործունէութիւնը կարդալ տուեալ նիւթերուն բերած տարբեր երեսակներու ներքոյ, գործին տալով գիտական արժէք։

 

Հատորը կը սկսի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին վկայութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ, որ երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը կը պատկանի պատմութեան յաւերժութեան. ան, իր ողջ կեանքը նուիրելով հայ մշակոյթին ու հայրենիքին եւ հաւատքին ու դպրութեան հոգեմտաւոր ծառայութեան, դարձած է եզակի դէմք մը իր բազմազան շնորհքներով եւ արժանիքերով։ Հայրապետը կը նշէ, որ «Կիլիկեան Հայրապետական Ս. Աթոռի Գահին վրայ Գարեգին Յովսէփեան դարձաւ աստուածարեալ Հովուատեպ ու մարգարէատեսիլ Հայրապետ, Շնորհալիներու Աթոռին վրայ՝ նոր Շնորհալի»։

 

Հատորը կը բաղկանայ 851 էջերէ եւ 5 բաժիններէ՝ «Փաստաթուղթեր», «Կոնդակներ եւ օրհնութեան գիրեր», «Անձնանուններու ցանկ», «Տեղանուններու ցանկ» եւ «Փաստաթուղթերու ցանկ»։

 

 

More News