4 November, 2020

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է «ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐԸ՝ ԴՈԿՏ. ՀԱՅՐ ՆԵՐՍԷՍ ՎՐԴ. ԱԿԻՆԵԱՆ (1883-1963)» ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակը կը հրատարակէ իր 101-րդ հատորը՝ «Բանասիրութեան ուղեւորը՝ Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963)» վերնագիրով, որուն աշխատասիրութիւնը կը պատկանի Մեսրոպ Հայունիի։

 

Շուրջ 400 էջնոց դիւանային, պատմաքննական եւ աղբիւրագիտական գործը կը պարունակէ 20 գլուխներ, որոնք կը մանրամասնեն Հայր Ակինեանի կենսագրականն ու վաստակին մասին պատմական իրողութիւններ։ Հեղինակը կը նշէ, որ աշխատութեան ելակէտը եղած է Հայր Ակինեանի «Տեղեկագիր հինգամեայ առաքելութեանս ի Հայս» ինքնագիտ անտիպը, իսկ օգտագործած աղբիւրները կը պատկանին առաւելաբար Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի դիւանին։

 

Գիրքը կրնաք ստանալ Կաթողիկոսարանիս գրախանութէն, ինչպէս նաեւ առցանց՝ www.ciliciabookstore.com

   

 

 

More News