ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐ ԹԱՂԻ ՄԱՐԴԻԿԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս կը տեսնէ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամի թիւ 22-րդ հրատարկութիւնը՝ Վաչէ Ատրունիի «Մեր թաղի մարդիկը», խմբագրութեամբ՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի։

 

Գիրքը կը պատմէ հեղինակին մանկութիւնն ու պատանութիւնը՝ զաւեշտախառն դառն իրականութիւններով, երբեմն չափազանցուած, իսկ երբեմն ալ ներկայացուած այնպէս ինչպէս որ են։ Վ. Ատրունիի յուշերուն վրայ հինուած «Մեր թաղին մարդիկը» սովորական մարդիկ չեն, այլ կորսուած անցեալի մը պատկանող ու սովորական կեանքէն իւրայատուկ դիպուածներ ստեղծող տիպարներ են։

 

Վաչէ Ատրունիի ոճը թատերական է, հեքիաթասացի հպումներով, որոնց շնորհիւ պատմուածքներուն կը հաղորդուի հեքիաթային շունչ եւ անմիջականութիւն