ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹԱԳԻՐՔԸ՝ ԼԱԹԱԿԱԶՄ ԵՒ ՓԱԿԱԹԵԼՈՎ ԹՂԹԱԿԱԶՄ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐՈՎ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հրատարակչատունէն լոյս կը տեսնէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքը, որուն աշխարհաբար թարգմանութիւնը կատարած է Թորգոմ Եպս. Գուշակեանը։

 

Այս հրատարակութեան մէջ բառերու եւ լեզուական հնացած ձեւերու շատ թեթեւ փոփոխութիւններ կատարուած են՝ լեզուն պատշաճեցնելու համար արդի աշխարհաբարին։ 

 

Գիրքը ունի իր թէ՛ լաթակազմ եւ թէ փակաթելով թղթակազմ տարբերակները՝ բարակ եւ եզրերը ոսկեզօծ թերթերով։