ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի 95-րդ հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Յակոբ Չոլաքեանի «Գործնական Արեւմտահայերէն» աշխատասիրութեամբ։ Գործին խմբագիրն է Կարօ Յովհաննէսեան։

Գործը բաղկացած է հինգ բաժիններէ՝ ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն եւ գլխագիրի գործածութիւն եւ կը մեկնի Արեւմտահայերէնի խնդրայարոյց հարցերու մեկտեղման, անոնց լուծման առաջարկներ բերելու եւ ուղեցոյց մը առաջարկելու՝ Կաթողիկոսարանին կից Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբի թելադրութիւնը կատարելու։ Աշխատասիրութիւնը օգտուած է ոչ միայն յանձնախումբին թելադրութիւններէն եւ Արմենակ Եղիայեանի պատրաստած ու յանձնախումբին տրամադրութեան տակ դրած անտիպ աշխատասիրութիւններէն, այլեւ հրապարակի վրայ եղող դասագիրքերէն, մամուլէն եւ գրականութենէն։