Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԳԻՐՔԸ ՌՈՒՍԵՐԷՆՈՎ

Երկու տարիներ առաջ Հայ Եկեղեցւոյ մասին անգլերէն գրուած  Վեհափառ Հայրապետին գիրքը թարգմանուեցաւ եւ լոյս տեսաւ ռուսերէնով: Անգլերէնէ ռուսերէն թարգմանիչն է Լիլիթ Աղէկեան, իսկ հրատարակութեան մեկենասներն են Կերի եւ Ճենիս Արուանիկեանները:

 

Յայտնենք, որ նոյն գիրքը արդէն իսկ թարգմանուած է նաեւ պարսկերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի ու արաբերէնի: Այլ լեզուի թարգմանութիւններ ընթացքի մէջ են: